Այս առցանց գիտելիքներու մնայուն դասաւանդութեան հաւաքածոն, պատրաստուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտական Արարատեան Կարգի գիտելիքներու գործնական բաժնի ծիրէն ներս, Յունաստանի Սկաուտական Գոքինիոյ Մասնաճիւղի Խմբապետ Եղբ. Վիգէն Մինասեանէն:
Ծրագրին նպատակն է սկաուտական բոլոր կարգի գիրգերու գիտելիքները հասանելի ըլլան աշխարհի բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն, առցանց կերպով: Գիտելիքները պատրաստուած են հետագրգրական ձեւով, տպաւորիջ դարնալու փոքրիկներուն:
Առաջին հերթին, առկա են Վոհմակի Կակուղ Թաթիկի գիտելիքները, իսկ ապագային պիտի աւելնան նաեւ մնացած կարգերը:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք աշխատեցան այս ծրագրի իրականացման:
Յատուկէն շնորհակալութիւն հետեւեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն իրենց նպաստին համար:
- Անի Մանուկեան
- Տիանա Պողոսեան
- Մարլէն Տէր Ղազարեան
- Ճուլի Մանօյեան
- Մանուշակ Եսայեան-Մինասեան
- Երուանդ Մանուկեան
- Մարինօ Քարամանեան
- Սիմօն Ասիբեան